2014-02-10 10:18:13

Պենետիկոտս ԺԶ.-ի Քահանայապետութենէն հրաժարելու առաջին տարեդարձը` վաստակաւոր Քահանայապետին վերապահ կեանքը։


11 փետրուար 2013-ին, Պենետիկոտս ԺԶ-ը անակնկալօրէն հրաժարեցաւ քահանայապետութենէն։ Կարտինալական դասի հտ ունեցած մէկ ժողովի ընթացքին հրաժարումի աննախընթաց լուրը հաղորդելէն ետք, վաստակաւոր Քահանայապետը այսօր կ'ապրի վերապահ կեանք մը, Վատիկանի պարիսպներէն ներս, ժամանակը անցնելով ընթերցումով ու աղօթքով։ Ան հազուադէպօրէն Վատիկանի այգիներու մէջ կը պտտի եւ բազմաթիւ անգամներ հանդիպում ունեցած է իր յաջորդին` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Քահանայապետութենէն հրաժարելու իր կամքը յայտնելու պահուն ան ըսաւ. ''տարիքի բերումվ, 85 տարեկան, ինքզինքս անկարող կը զգամ կառավարելու Եկեղեցին''։ Յաջորդ օրերուն հանդիպում ունենալով Հռոմի թեմի կղերին անոնց ըսաւ. ''այսօր կը հրաժարիմ, սակայն միշտ ձեզի հետ եմ եւ դուք հետս կը մնաք''։
7 տարի եւ 10 ամիս քահանայապետութենէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ, քաշուեցաւ նախ Քասթել Կանտոլֆօ` քահանայապետական ամարանոցը, ծածուկ կեանքի նուիրուելով, թէեւ մտքով ու հոգւով ներկայ կը մնայ Եկեղեցւոյ մէջ։

13 մարտ 2013-ի երեկոյեան, Արժանթինացի կարտինալ Խորխէ Պերկոլիօ յաջորդեց Պենետիկտոս ԺԶ -ին։ Նոյն գիշերը նորընտիր Քահանայապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ իր նախորդին հետ եւ տասը օր ետք բարձրացաւ Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը ուր տեղի ունեցաւ պատմական հանդիպումը երկու Քահանայապետնետու միջեւ։
Երկու մայիս 2013-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկան վերադարձաւ ու բնակութիւնը հաստատեց Վատիկանի մէկ մենաստանի մէջ։
5 յուլիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր նախորդին հետ միասին բացումը կատարեցին ս. Միքայէլ հրեշտակապետին նուիրուած արձանին, Վատիկանի այգիներուն մէջ։ Եւ նախքան Պրազիլ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ այցելութիւն կատարեց իր նախորդին անորմէ խնդրելով որ աղօթքէ իրեն ու այս հովուական առաքելութեան համար։ Պրազիլի մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, բազմաթիւ անգամներ յիշեց ու մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի խօսքերը։
Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը կը շարունակէ ապրիլ Վատիկանի մէջ, ու իր սատարը տալ Եկեղեցւոյ `աղօթքի եւ նուիրումի կեանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.